2015-03-18 14:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ընտանիքը. Մանուկները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ հոկտեմբեր 2014-ին ընտանիքի մասին գումարուած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին որպէս շարունակութիւն եւ ի պատրաստութիւն նոյն նիւթի մասին յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուելիք եպիսկոպոսական սովորական սիւնհոդոսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որոշած է  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններու խորհրդածութիւնները նուիրել ''ընտանիքի'' նիւթին եւ այսօր `չորեքշաբթի­, 18 մարտ 2015-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, անդրադարձաւ ''Մանուկներու'' նիւթին։

Սիրեցեալ Եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապը,  խօսելէ ետք ընտանեկան կեանքի զանազան դերակատարներու մասին, մայր, հայր, զաւակներ, եղբայրներ­, մեծ հայրիկ ու մեծ մայրիկներ, կ՛ուզեմ ընտանիքի մասին խորհրդածութիւններու այս առաջին շարքը եզրափակել խօսելով մանուկներու մասին, եւ այս պիտի ընեմ երկու հանգրուաններով` այսօր պիտի խօսիմ մանուկներու մասին որպէս մարդկութեան մեծ պարգեւ եւ յառաջիկայ չորեքշաբթի պիտի անդրադառնամ մանկութեան հայող մի քանի վէրքերուն։

Միտքս կու գան բազմաթիւ մանուկները որոնց հանդիպեցայ Ասիա կատարած վերջին առաքելական ճամբորդութեանս ընթացքին, անոնք կենսունակ էին եւ խանդավառութեամբ լի, միւս կողմէն սակայն կը տեսնեմ թէ աշխարհի մէջ անոնցմէ շատերը կ՛ապրին դժուար պայմաններու մէջ...Արդարեւ ընկերութիւն մը կարելի է դատել  մանուկներու հանդէպ ցուցաբերած անոր վերաբերմունքէն, ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ` մանուկները մեզի կը յիշեցնեն թէ մեր կեանքին առաջին շրջանին  ամբողջովին կախեալ եղած ենք ուրիշներէն եւ թէ Աստուծոյ Որդին եւս ուզեց նոյն փորձառութիւնը ապրիլ։ Խորհուրդը որ ամէն տարի կը յիշատակենք սուրբ Ծննդեան օրը։

Մանուկները հարստութիւն մըն են մարդկութեան ու եկեղեցւոյ համար որովհետեւ յաճախակի օրէն մեզի կը յիշեցնեն Աստուծոյ Արքայութեան մէջ մտնելու հարկաւոր պայմանը ` այն է մենք մեզ ինքնաբաւ չնկատել, այլ գիտակից ըլլալ թէ կարիքն ունինք օգնութեան, սիրոյ եւ ներումի։

Մենք մեր գոյութեան տէրերը չենք, - յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը - մանուկները իրականութեան կը նային բիւրեղ նայուածքով, անոնք կարողութիւնն ունին ընդունելու եւ նուիրելու քնքշութիւն։ Անոնք անհուն վստահութիւն ունին իրենց ծնողաց վրայ ինչպէս նաեւ`  Աստուծոյ­, Յիսուսի եւ Տիրամօր վրայ։ Մանուկները գիտեն ժպտալ եւ գիտեն լալ։ Երկու զգացումներ որ մենք` չափահասներս շատ անգամ չենք գիտեր արտայայտել...եւ այս մէկը կախեալ է սրտէն որ յաճախ կը կարծրանայ։ Ասոր համար մանուկները կարող են մեզի սորվեցնել ինչպէս արտասուել ու ինչպէս ժպտալ։ Այս բոլորին համար Յիսուս իր աշակերտները կը հրաւիրէ ըլլալու ''Մանուկներու նման'' որովհետեւ անոնցն է երկնքի արքայութիւնը։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ ապա Քահանայապետը, մանուկները կենսունակութիւն, ուրախութիւն եւ յոյս կը ներշնչեն։ Անշուշտ անոնք  մտահոգութիւն ու հարցեր ալ կը յարուցանեն, սակայն աւելի լաւ է ունենալ այսպիսի հարցերով ընկերութիւն մը քան տխուր եւ դժգոյն եւ առանց մանուկներու ընկերութիւն մը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ի խորհրդածութեան աւարտին հաստատելով թէ. երբ անդրադառնանք թէ ընկերութեան մը  մէջ մանուկներու ծնունդներու չափանիշը հազ հազիւ մէկ առ հարիւրի կը հասնի, կրնանք ըսել թէ այդ ընկերութիւնը տխուր  ընկերութիւն մըն է որովհետեւ մնացած է առանց մանուկներու։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները ու յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց հիւանդներուն երիտասարդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք նայիլ Սուրբ Յովսէփի օրինակին, որուն ծիսական տօնը կը նշուի վաղը, Անորմէ սորվելով խոնարհութիւն, լրութեան մէջ կրել հիւանդութեան ցաւերը եւ ընտանիքները կառուցել այն սիրոյն վրայ որ Զինք միացուց Սուրբ Աստուածածնայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.